|
ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Պատմական Հայաստանը զետեցուած է լեռնային քառանկիւնիի մը մէջ, սահմաններն են Սև ու Կասպից ծովերը, Կովկասեան և արևելեան Տավրոսի լեռնաշղթաները: Ներկայիս Թուրքիոյ արևելք, նախկին Խորհրդաին Միութեան և Իրանը սահմաններն են: Հայ ազգը, որ իր պատմութեան ընթացքին կրած է անհամար պատահարներ, հպարտութեամբ կը պահպանէ պետական կերպով առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ ըլլալու բնոյթը. այս դէպքը տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 301-ին, երբ Տրդատ Գ. թագաւորը ընդունեց քրիստոնէութիւնը և Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ մկրտուեցաւ: Ըստ աւանդութեան, քրիստոնէութեան ներկայութիւնը այս հողերու վրայ, կը սկսի Ա. դարուն, երբ Թադէոս և Բարթողիմէոս առաքեալները քարոզեցին և քրիստոնեայ համայնքներ հիմնեցին հայոց երկրի մէջ, նահատակուեցան այդ քարոզչութեան պատճառով: Առաքեալներու գործը շարունակեցին յաջորդ քրիսոնեայ սերունդները, գաղտնի կերպով: Այս ապացոյցն է Քրիստոսի հաւատքին և Հայ ազգին ինքնութեան 1700 տարուան սերտ կապերուն, ոչ միայն հայրենի հողամասին`այլ բոլոր սփիռքին մէջ, որոնց մէջ կը գտնուի մեր երկիրը, Արժանթին, ապաստանող հազարաւոր գաղթական հայեր, որոնք մեծ մասամբ կը պատկանին Հայ Առաքելական Եկեղեցիին: Այս կէտերու վրայ կը կայանայ այս եկեղեցիի պատմութիւնը, ուսուցումը և պաշտամունքը ճանչնալու կարևորութիւնը: ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ Տրդատ թագաւոր Քրիստոնեայ դարձնելէ և մկրտելէ վերջ, Գրիգոր Լուսաւորիչ, Կեսարիոյ Լեւոն կողմէ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ, կազմակերպեց Հայ Եկեղեցին ու անոր նուիրապետութիւնը, և Վաղարշապատ քաղաքը, այժմ Էջմիածին , որ կը նշանակէ Միածինի իջած տեղ, ընտրեց իբրեւ իր կենդրոնավայրը և ընծայեց Տիրամօր: Այս առաջին տարիներուն, Հայ Եկեղեցին սերտ կապեր պահեց Կեսարիայի Կապադովկիոյ եկեղեցիի հետ, որուն պաշտամունքը և լեզուն որդեգրեց Ե. դարու սկիզբը, Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած հայոց այբուբենով, կարելի եղաւ Սուրբ Գրքի թարգմանութիւնը և հայերէն լեզուով Սուրբ Պատարագի պաշտամունքը: Այսպէս կը սկսի հայ գրականութեան Ոսկեդարը: Ե. Դարուն ընթացքին, Պարսկաստանի դէմ տեղի ունեցած պատերազմները պատճառ եղան Հայ Եկեղեցիի կղզիացումին. Յազկերտ թագաւորի սպառնացումը, հայերուն, որպէսզի ուրանան Քրիստոնէութիւնը և կրակապաշտ դառնան և յարձակումը Հայաստանի վրայ 451ին Աւարայրի դաշտի մէջ, արգելք եղան որպէսզի հայ եպիսկոպոսները մասնակցին Գաղկեդոնիոյ տիեզրական ժողովին. ժամանակ վերջ, սխալ մեկնաբանութիւններու պատճառով մերժեցին և դատապարտեցին այդ ժողովի որո֊շումները: Յաջորդ դարերուն, Հայաստանի թագաւորութիւնները տուժեցին արաբներու արշաւանքը, 640-885, Բիւզանդիոյ և Սելճուք թուրքերու պատերազմները, բիւզանդացիներու պարտութեամբ, տկարացուցին Հայաստանը, և մնացինք թուրքի գերիշխանութեան տակ. շատ մը հայեր փախան և ապաստանեցան Կիլիկիա, Փոքր Ասիոյ հարաւը, ուր հաստատուեցաւ նոր թագաւորութիւն. §Փոքր Հայաստան¦ և Կաթողիկոսութիւնը հաստատուեցաւ Սիսի մէջ 1171ին: Այս շրջանին, Խաչակրութեան ժամանակակից, հայերու և լատիններու միջյարաբերութիւնները զօրացան: Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը կործանեցաւ ԺԴ. դարուն մամլունքներու 1439ին, հայերը և Հռոմի եկեղեցին միութեան ատենագրութիւն մը ստորագրեցին, որուն մէջ կÿընդունուէր Գաղկեդոնիոյ ժողովի բանաձևը: Այս համաձայնութիւնը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ համար. Կովկասի և Փոքր Հայաստանի հայերը վիճեցին, և այս վերջինները դաւաճան նկատուեցան: Հետևանքը եղաւ Էջմիածնի Կաթողիկոսի ընտրութիւնը 1481ին. Կիրակոս Վիրապետցի մինչ Կիլիկիոյ մէջ կը շարունակէր Գրիգոր Մուսապեգիանց, 1439–1446, կաթողիկոսը: Այս պատճառները և հայ ժողովուրդի աշխարհագրական լուծումը, ապացոյցն են երկու կաթողիկոսութիւններու գոյութեան, Ամենայն Հայոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը և Մեծի Տան Կիլիկոիյ Աթոռը. Փոքր Հայաստան, նոյն իրաւասութիւններով և նախապատութիւններով, առանձնաշնորհումներով: ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՒ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԷՋ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցին, իր ժողովուրդի հետ միասին ապրեցաւ ու տուժեց նոյն պատահարները, սակայն միշտ կրցաւ վերականգնիլ: Ներկայիս կը պարբակէ 8 միլիոն հաւատացեալներ, որոնցմէ 2.7 միլիոն կÿապրի Հայաստանի մէջ, իսկ մնացեալը ցրուած է աշխարհի 4 կողմերը. 2 միլիոնէն աւելին կÿապրի Ռուսիոյ և նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքի վրայ, իսկ մնացեալըª Սփիւռքի: Վերջին տարիներուն, Հայաստանի մէջ, եկեղեցական կառոյցներու վերածնունդ մը սկսած է. նոր թեմեր, եկեղեցիներ հաստատուեցան և նոր կազմակերպութիւններ հիմնուեցան. կրօնական թերթեր ստեղծուեցան և պետական դպրոցներու մէջ կրօնի դասաւանդութիւնը ներմուծուեցաւ: Քրիստոնէութեան 1700 ամեակի առթիւ, Հայաստանի մայրաքաղաքի մէջ կառուծուեցաւ և օծուեցաւ Երեւանի Նոր Մայր Տաճարը: Արժանթինի մէջ 70.000է աւելի հայեր կան, որոնց 85% առաքելական եկեղեցւոյ կը պատկանին: Այս ափերը հասնող հոգեւորականը, 1921ին, այդ տարուան Սուրբ Զատկուան Կիրակի մատուցեց իր առաջին պատարագը բնակարանի մը մէջ: Մինչև 1922, իր քահանայական հովուակաթիւնը պատահական էր, բայց Հայ Գաղութային Կեդրոնի կազմակերպութենէն սկսեալ, կրօնական պաշտամունքները գտան իրենց իւրայատուկ տեղը և մինչև հիմա կը կատարուի անընդհատ կերպով: Արժանթինի մեջ, առաջին հայկական եկեղեցին կառուցուեցաւ Գորտոպա քաղաքին մէջ, 1925ին, Սուրբ Գէորգ անուան տակ: Երեք տարի վերջ, Պուէնոս Այրէս մայրաքաղաքի, Ֆլորեսի թաղամասին մէջ շինուեցաւ Վարագայ Սուրբ Խաչ Եկեղեցին. իսկ 1932էն սկսեալ Փալէրմոյի շրջանը ունեցաւ իր եկեղեցական արարողութիւնները. նոյն թաղամասին մէջ 1938ին կատարուեցաւ ներկայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի օծումը: Այդ տարուընէ սկսեալ, մեր երկիրըª Արժանթին եղած է թեմական կեդրոն, 6 առաջնորդ եպիսկոպոսներով: ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՕՐԷՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԱԾ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ Պատմական պայմաններու բերումով Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը կÿընդգրկէ երկու Կաթողիկոսութիւններ, երկու Պատրիարքութիւններ փոխադարձ համերաշխ յարաբերութեամբ, բայց իւրաքանչիւրը պահելով իր վարչական ինքնավարութիւնը: ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ Մայր Աթոռը կը գտնուի Երեւանէն 21 քլմ. հեռու. իր նուիրապետութեան մաս կը կազմեն 24 թեմեր տարածուած աշխարհի չորս կողմերը, ներփակուած նաև Իրաք, Հնդկաստան, Եգիպտոս, Սուրիա, Եւթովպիս, Եւրոպա, Աւստրալիա, Ամերիկա և նախկին Խորհրդային Միութեան հողերու մէջ գտնուող հայ համանքները: Հաւատացեալներուն թիւը կը հասնի, մօտաւորապէս 5 միլիոնի: Հայոց Կաթողիկոսին կը պատկանի Պատրիարքներու ընտրութիւնը և իր կողմէ սրբագործուած, Սուրբ Միւռոնի առաքումը: Ներկայիս, Ամենայն Հայոց Վեհափառը, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն է, ընտրուած և ձեռնադրուած 1991ին: Ան մեր երկիրը այցելած է երկու անգամ 2004ին և 2011ին: ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ Հիմնուած է 638 թուականին. իր աթոռանիստն է Սուրբ Յակոբայ վանքը, որ կը գտնուի Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին մէջ: Անցեալին իր նուիրապետութիւնը աւելի ընդարձակ էր բայց ներկայիս սահմանուած է Իսրայէլի, Յորդանանի և գրաւուած հողամասերուն: Պատրիարքութիւնը պատասխանատու է հայ եկեղեցիի տակ գտնուող սրբավայրերու խնամքին և պահպանութեան: Երուսաղէմի թեմի հաւատացեալներու թիւը կը հասնի 10.000ի: ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ Հիմնադրուած է 1461 թուականին. Պատրիարքի աթոռանիստը կը գտնուի Ստամպուլի մէջ,նախկին Կոստանդնուպոլիս: Պատրիարքական թեմին կը պատկանին Թուրքիոյ տարածքին և Կրեթայ կղզիի մէջ գտնուող Հայ Առաքելական եկեղեցիները: ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ Հիմնադրուած է 1446 թուականին Կիլիկիոյ Սիս քաղաքը: 1930էն ի վեր կաթողիկոսական նստավայրը կը գտնուի Անթիլիաս. Պէյրութ, Լիբանան: Կազմուած է 13 թեմերէ, 1.285.000 հաւատացեալներով. իր իշխանութեան տակ կը գտնուին Սուրիոյ, Կիպրոսի, Իրանի, Յունաստանի, Քուվայթի, Լիբանանի և Արաբական Էմիրութիւններու տարածքի մէջ գտնուող եկեղեցիները: Իր ներկայ Կաթողիկոսը Արամ Ա. Քեշիշեան Հայրապետն է, որ 1991- 2006 տարիներուն, Աշխարհի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համակարգողի պաշտօնը կատարած է: Մեր պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած ճնշիչ պայմաններու պատճառով, Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իւրայատուկ յարաբերութիւն ունի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ: Երկու Կաթողիկոսութիւնները զուգահեռ իշխանութիւններ կը պահեն Հիւսիսային Ամերիկայի, Յունաստանի և Սուրիոյ մէջ: 1997ին զոյգ կաթողիկոսութիւններու պատուիրականութիւնները հաւաքուեցան Էջմիածնի մէջ, անհասկացողութիւններ լուսաբանելու և միասնական որոշումի մը յանգնելու համար: Այս ժողովի ընթացքին ձևաբանուեցաւ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ համար ընդհանուր կանոնագիր մը. կանոնաւորուեցաւ նաև երկու Կաթողիկոսութիւններու միջյարաբերութիւնները: ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ Արժանթինի մէջ, Հայաստանեաց եկեղեցին կազմուած է առաջնորդ Արքեպիսկոպոսով և վեց քահանաներով. ոչ կուսակրօն, ամուսնացած հոգեկաններ: Հինգ քահանաներ Պուէնոս Այրէսի մէջ և մէկըª Գորտոպա քաղաքը: Արքեպիսկոպոսը, Գիսակ Մուրատեան սրբազանն է, որ 1991էն ի վեր թեմիս առաջնորդն է: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսն է որ մեր երկրի եպիսկոպոսները կը նշանակէ, միայն ու միայն երբ թեկնածուն ճանաչուած և ընդնուած է իւրաքանչիւր գաղութի աշխարհական ղեկավարներու կողմէ: ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ¥Մայր Տաճար¤ Պուէնոս Այրէսի մայրաքաղաք Վարագայ Ս. Խաչ Եկեղեցի Պուէնոս Այրէսի մայրաքաղաք Ս. Պօղոս Պուէնոս Այրէսի մայրաքաղաք Ս. Գէորգ Պուէնոս Այրէսի շրջակայք Ս. Յակոբ Պուէնոս Այրէսի շրջակայք Ս. Գէորգ Գորտոպա նահանգ ՀՐԱՄԱՆԱԿԱՐԳԻ ՔԱՆԻ ՄԸ ԳԻԾԵՐ Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցին կը ճանչնայ Տիեզերական առաջին երեք ժողովները ¥Նիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ և Եփեսոսի¤, այդ պատճառով Նիկիոյ Հանգանակի մէջ կը գտնէ իր դաւանանքի ¥հաւատքի¤ արտայայտութիւնը: Կարելի է հաստատել թէ բոլոր էական ուղղութիւնները, դաւանանքի հաղորդակցութիւն ունին Կաթողիկէ, Հռոմ, Եկեղեցիին հետ: Հայկական Եկեղեցին, Կաթողիկէ և Օրթոտոքս Եկեղեցիներու պէս, կÿընդունի Եօթը Խորհուրդներ, թեթեւ տարբերութիւններով կիրարկման մէջ այս տեղի կու տայ ոչ միայն մկրտութեան փոխադարձ ճանաչումը, երեք եկեղեցիներու, այլ նաև, Հայ Հաւատացեալներու իրաւունքը, Հաղորդութեան, Ապաշարհութեան և Կարգ Հիւանդացի Խորհուրդներուն ընդումը Կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ: ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ Հայկական համերգութիւնը հիմնուած է Անտիոքի Մեծն Բասիլիուիծսի ու յետագային աւելցուց ասորական և երուսաղէմական ծիսական տարրեր: Այս բոլորը նկատի առնելէ զատ պէտք է ընդունիլ որ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի, տարեկան տօնակատարութիւնները, շարականի գիրքերը, ենթակայ մնացած են Երուսաղէմական ծէսին, ինչպէս կը կատարուէր Ե. դարուն սկիզբներուն: Այս պատճառով Աստուածայայտնութեան տօնը կը յիշուի միայն Յունուար 6ին, քանի որ 25 Դեկտեմբերը, Երուսաղէմ ներմուծուեցաւ ծիսական գիրքերու Հայերէնի թարգմանութենէն վերջ: Տեառնընդառաջի տօնը կը նշուի Աստուածայայտնութեան տօնէն 40 օր վերջ, Փետրուար 14ին: Անխախտ, անշարժ, 4 տօներ կան Սուրբ Աստուածածնի նուիրուած, Աւետում` Ապրիլ 7, Ծնունդ Մարիամի` Սեպտեմբեր 8, Ընծայում Տաճարի` Նոյեմբեր 21, Անարատ Յշութիւն` Դեկտեմբեր 9: ՇԱՐԺԱԿԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ Կը սկսին Աստուածայայտնութեամբ 30 Դեկտեմբերէն 14 Փետրուար, Ս. Զատկուան շրջան` Մեծ Պահքէն մինչև Հոգեգալուստ, 28 Յունիսէն մինչև 9 Օգոստոս` Յիսուսի Այլակերպութեան, 15 Օգոստոսէն 3 շաբաթ` Ս. Աստուածածնի վերափոխումն, Ս. Խաչի նուիրուած տօներ: Սուրբ Խորհուրդներու կատարումը, Կաթողիկէ Եկեղեցիի հետ բաղդատմամբ, ունի հետեւեալ առանձնայատկութիւնները. Ա. Մկրտութիւն Կը կատարուի երախան ջուրի մէջ մխրճելով. և արեւելեան եկեղեցիներու նման, նոյն արարողութեան մէջ կը կատարուի Դրոշմի և Ս. Հաղորդութեան խորհուրդները: Բ. Ս. Հաղորդութիւն Այս խորհուրդի համար կ′օգտագործուին, բաղարջ հացի տեղ, նշխարհ և գինի, որուն մէջ կը թաթխեն նշխարհը: Սկիհի մէջ, գինին ջուրի հետ չեն խառներ, անապակ գինի է: Գ. Ապաշխարհութիւն Այս խորհուրդը կը կատարուի անձնական կամ ընդհանրական կերպով, ուր մեղքերու ընթերցումէն վերջ, հոգեւորականի կամ սարկաւագի կողմէ, ապաշխարհողը գիտակցելով իր յանձանքներուն, թողութիւն կը ստանայ: Հայաստանեանց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը, կարգաւորումը և աստիճանաւորումը նման են Կաթողիկէ Եկեղեցիին, մանանավանդ Վատիկան Բ. Տիեզերեկան ժողովէն առաջ: Քահանաները կրնան ամուսնացած ըլլալ` Տէր Հայր, կամ կուսակրօն` Աբեղայ: Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունի նաև վարդապետութեան աստիճան, որ կը շնորհուի աբեղային. վարդապետ կը նշանակէ ուսուցիչ. յետոյ կը ստանայ Ծայրագոյնութեան աստիճան. այս աստիճանը համապատասխան է Աստուածաբանական ուսուցչութեան: Միայն աբեղաները կրնան եպիսկոպոսական կարգ ստանալ: Հայ Եկեղեցւոյ աստիճանաւորման մէջ նկատի առնուած է նաև սարկաւագի կարգ տալ կիներուն: Հայկական տաճարներու կառուցուածքը, միւս արևելեան եկեղեցիներու բաղտատմամբ, ուղղանկիւն են կամ խաչաձև. շէնքին կեդրոնական մասին վրայ կը խոյանայ գմբեթը: Արձաններ չկան, միայն սակաւաթիւ նկարներ: Եկեղեցւոյ պաշտօնական լեզուն գրաբարն է, բայց ներկայիս կը գործածեն նաև աշխարհաբար, իսկ մեր երկրին մէջ, երբեմն սպաներէն: ՆԵՐԿԱՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցին սերտ հաղորդակցութիւն ունի միւս արեւելեան եկեղեցիներու հետ, ասորի և շոպթ, և նոյն ընթացքը կը պահէ օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ: 1962էն սկսեալ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ է և Արժանթինի մէջ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու յանձնաժողովին մաս կը կազմէ: Հայ Եկեղեցւոյ և Հռոմի կապերը յաճախակի եղած են վերջին տասնեակ տարիներուն: Պօղոս Զ. և Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերու այղելութիւնը Երուսաղէմ և Կոստանդնուպոլիս առիթ եղան այնտեղերու հայ եկեղեցական պատասխանատուներու հետ տեսակցելու: Հռոմ այցելած ու Պօղոս Զ. և Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերու հետ տեսակցած են Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը, 1970ին, Գարեգին Ա., 1996 և 1999ին, և Գարեգին Բ., 2000ին: Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի համակրանքը Գարեգին Ա. Հայրապետի հանդէպ արտայայտուեցաւ երբ խնդրեց մեր Կաթողիկոսին որ 1997ի Աւագ Ուրբաթ օրուան Գողգոթայի, Խաչի Ճանապարհ, բնագիրերը պատրաստէ. այս ճանապարհը Պապը կատարեց Էջմիածնի Կաթողիկոսական դիւանապետի ընկերակցութեամբ: Յովհաննէս Պօղոս Բ. մտածած էր այցելել Հայաստան 1999ին, բայց Գարեգին Ա. Հայրապետի վախճանումը, արկախ ձգեց այդ այցելութիւնը մինչև 2001 Սեպտեմբերին երբ ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Քրիստոնեացման 1700 ամեակին: Հայկական Եկեղեցին մաս կը կազմէ նաև Կաթողիկէ և Արևելեան հին եկեղեցիներու խառն յանձնախումբին որ կ'ուսումնասիրէ եկեղեցաբանական նիւթերը: Պէտք է ըսել թէ Կաթողիկէ ու Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ միջև երկկողմանի աստուածաբանական զրոյցներ չկան այլ բարեսիրական փոխադարձ խոսակցութիւններ. այդ միջխօսակցութեան խորհրդանիշ մըն է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի այցելութիւնը Պուէնոս Այրէսի Կաթողիկէ Մայր Տաճարը, իր Արժանթին Հովուական այցելութեան առթիւ: |